2013-09-09 13:21:24

Լիբանանի Մէջ Աղօթք Եւ Պատարագ` Սուրիոյ Խաղաղութեան Համար


Ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ Սուրիոյ խաղաղութեան համար աղօթք մատուցելու կոչին` շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ զանազան յարանուանութիւններու կողմէ մատուցուեցան պատարագներ:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Սուրիոյ համար մատուցուած յատուկ պատարագին:
Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ երկրին մէջ զէնքի երեւոյթին տարածման, անձնական ապահովութեան դրութեան ստեղծման եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ յառաջացած երկփեղկումին պատճառով:
Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն եւ երկրին մէջ ստեղծուած տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական բարդ կացութեան:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց կազմելու աշխուժ եւ կարող կառավարութիւն մը` ընդգծելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը ուրիշին նկատմամբ պէտք է դրական քայլի դիմեն` երկրին պետական եւ սահմանադրական հաստատութիւնները ամէն բանէ վեր դասելով:
Միւս կողմէ, Պքերքէի մէջ կիրակի օրուան պատարագին ընթացքին Ռայի պատրիարքը պահանջեց մշակել ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը եւ վերջ տալ անձնական ապահովութեան դրութեան:
Ան ընդգծեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն միջեւ երկխօսութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ աւելցուց, որ երկրին կառավարութեան կազմութիւնը ուշացնելով անոնք երկրին ճակատագիրին հետ խաղցած կ՛ըլլան:
Սուրիոյ կատարած իր անդրադարձին մէջ Ռայի պատրիարքը նշեց, որ վայրագութիւնն ու բռնարարքները կրնան միայն այլ բռնարարքներ ստեղծել: Ան կոչ ուղղեց խաղաղութեան եւ երկխօսութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.